2016-03-07 12:02:00

Վատիկանի վերին իշխանութեան հոգեւոր կրթութիւնը` Աստուած ուրախութիւն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Աստուածային Վարդապետի տուն, Հռոմէն ոչ հեռու գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաքին մէջ, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքով, սկիզբ առին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ու անոր համագործակից` Վատիկանի վերին իշխանութեան Սուրբ Զատկուայ ի պատրաստութիւն, քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան նիստերը որոնց այս տարուայ քարոզիչն է Մարիամի Ծառայ միաբանութեան անդամ` Հայր Էրմես Ռոնքի եւ որ որպէս խորհրդածութեան նիւթեր ընտրած է Աւետարանական 10 հարցումներ։

Հոգեւոր Կրթութեան առօրեայ յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 7,30-ին` գոհաբանական աղօթքով­, ապա 9,30-ին` առաջին մտածականը որուն կը յաջորդէ համապատարագը։

Յետմիջօրէի ժամը 4-ին երկրորդ մտածականը ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն եւ ժամասացութիւն։ Հոգեւոր կրթութեան նիստերը կ՛եզրափակուին ուրբաթ 11 Մարտի առաւօտեան։

Յայտնենք թէ Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին ընդհատուած կը նկատուին Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնները, ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Առաջին օրուան որպէս խորհրդածութիւն նիւթ ընտրուեցաւ. ''Ետ դառնալով` Յիսուս տեսաւ զանոնք  որ իրեն կը հետեւէին եւ հարցուց. ''Ի՞նչ կ՛ուզէք'' (Յովհ. 1, 38)։ Յիսուս, յայտնեց Հայր Ռոնքի, հաւատքը կը դաստիարակէ հարցումներու ընդմէջէն։ Չորս աւետարաններու մէջ ամփոփուած են Տիրոջ 220 հարցումներ։ Հարցումը անպարտադիր կերպն է հաղորդակցութեան որ դուռը կը բանայ երկխօսութեան, ազատ թողելով մեր խօսակիցը''

Հաւատքը, ըսաւ ապա Հայր Ռոնքի, որոնում է ''Աստուծոյ մը որ զգայուն է սրտին եւ երջանիկ կը դարձնէ զայն։ Աստուծոյն մը որուն անունը ուրախութիւն է, ազատութիւն եւ լիութիւն։

Աստուած գեղեցկութիւն է'' յայտնեց Հայր Ռոնքի դիտել տալով թէ յաճախ մենք կ՛աղքատացնենք Աստուծոյ դիմագիծը ու զայն կը դարձնենք ողորմելի ու թշուառ։ Գուցէ կը բացայայտենք Աստուած մը զոր միայն կը պաշտենք եւ որուն կ՛երկրպագենք անտեսելով այն Աստուածը որ կը ներգրաւէ գիտէ զուարճանալ ու խաղալ իր զաւակներուն հետ։ 

Վերադարձնենք Աստուծոյ ճառագայթող դիմագիծը հրաւէր ուղղեց Հայր Ռոնքի հարց ուղղելով. ''Ո՞վ կը փնտռէք. որո՞ւ հետ կը քալէք'' ու պատասխանեց ''կը փնտռեմ ցանկալի Աստուած մը, ու կը քալեմ մէկու մը համար որ սիրտը երջանիկ կը դարձնէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.